2013-12-21 12:46:30

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը` Վատիկանի Վերին Վարչութեան ուղղած Սուրբ Ծննդեան տօնի բարեմաղթական ճառը։


Հռոմի Քուրիայի պաշտօնեայի յատկութիւնները ''արհեստագիտութիւն, ծառայութիւն եւ Սրբութիւն''

Շաբաթ, 21 դետկեմբեր, առաւօտեան ժամը 10-ին, Ֆրանչիկսոս Սրբազան Քահանայապետը հանդիպեցաւ Եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչ` կարտինալ Մարք Ուելլէին, ապա ժամը 11-ին Քլեմեթինա սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Հռոմի Քուրիայի անդամներուն, անոնց փոխանցելով Սուրբ Ծննդեան բարեմաղթութիւնները, իսկ յետմիջօրէին, ժամը 4-ին, Նորին Սրբութիւնը կ՛այցելէ ''Պամպին Ճեզու'' կոչուած մանուկներու հիւանդանոցը։
Հռոմի Քուրիայյի անդամներուն ուղղած իր ճառին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը ըսաւ` ''Մինչ մեր սրտերը կը հրճուին մեր երախտապարտութիւնը յայտնելով Աստուծոյ` որ մեզ այնքան սիրեց մինչեւ իսկ իր Միածին Որդին ղրկելով աշխարհ, յարմար է առիթ ընծայել մեր միջեւ երախտագիտութեան զգացումներուն։ Եւ ես` իմ այս Քահանայապետութեանս առաջին Սուրբ Ծնունդի տօնին առթիւ, կը զգամ այն իղձը բոլորիդ ըսելու ''խորին շնաորհակալութիւն''։
Շնորհակալ եմ ձեր առօրեայ ծառայութեան ու ձեր յանձնառումին - ըսաւ Քահանայապետը - յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց որ այս շրջանին կ՛աւարտեն իրենց պաշտօնները աւելցնելով թէ ''որպէս քահանաներ ու եպիսկոպոսներ մեր պաշտօնները աւարտելով աւելի ժամանակ տրամադրելու ենք աղօթքին եւ հոգիներու խնամքին, սկսեալ մենք մեզմէ''։

Ֆրանչիսկոս Պապը ապա խօսքը կեդրոնացուց Վատիկանի Վերին Վարչութեան պաշտօնեայի յատկութիւններուն ` արհեստագիտութիւն ու ծառայութիւն։ Երբ այս յատկութիւնները պակսին - ըսաւ Ան - հաղորդութիւնը կը դառնայ անբերրի եւ Քուրիայի կառոյցը կը դառնայ դիւանակալական, արգելք հանդիսանալով Սուրբ Հոգւոյ ներգործութեան եւ Աստուծոյ ժողովուրդին աճումին։ Այս երկու յատկութիւններուն հարկ է աւելցնել նաեւ երրորդ մը - յարեց Քահանայապետը - որ է ''կեանքի սրբութիւնը'' որ արժէքներու շարքին կարեւորագոյնն է, որովհետեւ հիմն է ըլլայ աշխատանքին, ըլլայ ծառայութեան։
Սրբութիւն` կը նշանակէ Սուրբ Հոգւոյն մէջ ողողուած կեանք, Աստուծոյ հանդէպ բաց սիրտ, յարատեւ աղօթք, խոնարհութիւն եւ եղբայրսիրութիւն - ըսաւ Քահանայապետը - զգուշացնելով ներկաները ''շատախօսութենէ'' որ շատ անգամ կը վնասէ անձերու, աշխատանքի եւ միջավայրի որակին։

Մենք մեզ միացած զգանք դէպի Բեթղեհէմ առաջնորդող ճանապարհի այս վերջին հանգրուանի ընթացքին։ Խորհրդածենք Սուրբ Յովսէփին Սուրբ Կոյս Մարիամի կողքին լռելեայն դերին մասին։ Մտածենք անոր տարած հոգատարութեան հանդէպ իր տիկնոջ ու Մանուկին, որպէս օրինակ Եկեղեցւոյ մեր ծառայութեան, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու խօսքը եզրափակեց դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին, յատուկօրէն իրեն նուիրուած աղօթքներուն համար ու ապա ներկաներուն ջամբեց իր առաքելական օրհնութիւնը ու մաղթեց ''Լոյսով ու խաղաղութեամբ լի Սուրբ Ծնունդ մը''։







All the contents on this site are copyrighted ©.